2012-11-05 13:03:47

Քենիայի Մէջ Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Դէմ Ահաբեկչական Արարք։
Մէկ մեռեալ եւ 14 վիրաւոր։


Կիրակի 4 նոյեմբերին այլ մահափորձ մը գործադրուեցաւ Քենիայի Կարիսա շրջանին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ մը դէմ, մինչ հաւատացեալները կը մասնակցէին կիրակնօրեայ սուր զոհին։
Պայթած ձեռառումբին հետեւանքով հաւատացեալ մը մահացած է եւ այլ 14 հոգիներ վիրաւորուած։ Յայտնենք որ Քենիան ժամանակէ ի վեր թիրախ է ծայռայեղ մահմետականներու ահաբեկչական արարքներուն ու անցեալ մէկ յուլիսին ուրիշ պայթումի մը հետեւանքով այլ 18 անմեղներ սպաննուած էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.