2012-11-05 13:36:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը եւ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Երկուշաբթի 5 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Նիճէրիոյ, Ավստրալիոյ եւ Գոլոմպիայի հանրապետութիւններու նոր նշանակուած դեսպանները, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 12-ին ունկնդրութիւն շնորսեց Միացեալ Նահանգներու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Միկէլ Հումպէրթօ Տիազի ու անոր կողակիցին հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։
Իսկ երէկ կիրակի 4 նոյեմբերի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին որ քաղուած էին Մատթէոսի աւետարանէն (գլ. 12, 28- 34 ) ուր Յիսուս կը խօսի առաջին պատուիրանի մասին` Սիրոյ պատուիրանը։ Սիրել զԱստուած ու մերձաւորը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ներկայացնելով Սուրբերը` որոնց տօնը կատարուեցաւ մի քանի օր առաջ (ամենայն սրբոց տօնը) որպէս անձինք ապաւինած Աստուծոյ շնորհքներուն վրայ, խորապէս կ՛ապրին այս հիմնական պատուիրանը։ Եթէ Աստուծոյ Սէրը արմատ դնէ անձի մը մէջ այդ անձը կարող է սիրել վեհանձնօրէն նոյնիսկ անոնք որ իրեն սիրոյն արժանի չեն. այնպէս ինչպէս Աստուած կ՛ընէ մեր հետ։
Աստուծմէ կը սորվինք ձգտիլ միայն բարիին։ Աստուծմէ կը սորվինք դիտել մերձաւորը ոչ թէ մեր աչքերով այլ Աստուծոյ նայուածքով որ Յիսուս Քրիստոսի նայուածքն է։ Նայուածք մը որ կը բխի սրտէն եւ որ մակերեսային չէ այլ կարող է դիմացինին սպասումներուն խորը թափանցել, զայն ունկնդրել ու անոր ուշադրութիւն դարձնել. մէկ խօսքով` սիրել։
Աստուած ու բարեկամը սիրելը անբաժան երեւոյթներ են։ Յիսուս ոչ մէկուն ոչ միւսին առաջնահերթութիւնը կու տայ այլ կը յայտնէ թէ երկուքն ալ մէկ պատուիրանի մաս կը կազմեն ու այս մէկը կ՛ընէ ոչ թէ խօսքով այլ վկայութեամբ։
Յիսուս ու անոր խորհուրդը կը մարմնաւորեն Աստուծոյ ու մերձաւորին սիրոյ միութիւնը։ Սուրբ հաղորդութեան մէջ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ այս կրկնակի սէրը, ինքզինք նուիրելով մեզի, որպէսզի մեզի նուիրած հացի սնունդով մենք ալ մեր կարգին սիրենք իրար զիրար, այնպէս ինչպէս Ինք մեզ սիրեց - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով ու ապա յայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի ամէն քրիստոնեայ գիտնայ ապացուցել իրեն հաւատքը, բարեկամի սիրոյ անկեղծ արտայայտութեան վկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.