Նոր Կոտորած Սուրիոյ Մէջ։ Միայն Երէկ Աւելի Քան 200 Զոհեր. Ծանր Հաշուէկշիռ մը որ ժխտական
արձագանգ կ՝ունենայ Տոհա (Քաթար) Տեղի Ունեցող Ընդդիմութեան Խորհրդաժոողովին ։Կացութիւնը`
Հալէպի Եւ Դամասկոսի Մէջ։
Նոր Կոտորած Սուրոյ Մէջ։ Միայն Երէկ Աւելի Քան 200 Զոհեր. Ծանր Հաշուէկշիռ մը որ ժխտական
արձագանգ կ՝ունենայ Տոհա (Քաթար) Տեղի Ունեցող Ընդդիմութեան Խորհրդաժոողովին ։ Կացութիւնը`
Հալէպի Եւ Դամասկոսի Մէջ։ Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն
մը ունեցած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ տեղեկացուցած
թէ երէկ երեկոյեան Հալէպի Վիլլաներու շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գացած է շրջանի
բնակիչներէն Վարդան Խաչատուրեան: Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը
հաղորդէ որ երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ` սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնին մօտ,
աշխատաւորներու գլխաւոր արհեստակցական միութեան շէնքին կից տեղի ունեցած է պայթում մը,
ըստ ՝՝ՍԱՆԱ՝՝ լրատու գործակալութեան, արձանագրուած են տասնեակ մը վիրաւորներ եւ նիւթական
վնասներ: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Մարգարէի թոռներ կոչուած զօրախումբը: Իսկ,
մայրաքաղաքի ծայրամասերուն ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիր զինեալներու եւ
սուրիական բանակին միջեւ. մեծամասնութեամբ պաղեստինցիներով բնակուող Եարմուք գաղթակայանի
եւ «Սըթ Զենապ» ուխտավայրի շրջանները ենթարկուած են հրասանդի հրթիռներու հարուածներու`
պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Նախագահ Սարգսեան Կ՝անդրադառնայ Սուրիահայուէթեան
Ապրած Տագնապալի Կացութեան ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է Հայ Առաքելական
Եկեղեցւոյ թեմական ներկայացուցչական 4-րդ ժողովի աշխատանքներուն: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ
նախագահը անդրադարձած է կարգ մը հրատապ խնդիրներու: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ծաւալող
իրադարձութիւններու համայնապատկերին մէջ մեր պետութեան եւ եկեղեցւոյ խնդիրներուն` նախագահը
մասնաւորապէս նշած է. «Այսօր մեր ժողովրդի մի հատուածը` սուրիահայութիւնը, տագնապալի
օրեր է ապրում: «Սա պատմական փորձութիւն է, որին պէտք է դիմակայել միասնաբար: Այստեղ
անելիք ունեն բոլորը` եւ եկեղեցին, ե՛ւ պետութիւնը, ե՛ւ ի հարկէ սփիւռքի մեր համայնքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումն այս հարցում շատ յստակ է. մենք կոչ չենք անում
մեր սուրիահայ եղբայրներին լքել Սուրիան: «Սուրիայի հայկական գաղթօճախը պատմականօրէն
ձեւաւորուած, ամուր ու կենսունակ համայնքներից է, եւ մենք յոյս ունենք, որ գալու են խաղաղ
օրեր Սուրիայի ողջ ժողովրդի եւ նրա հայ քաղաքացիների համար: Համայն հայութիւնը, այդ թւում
եւ Հայաստանի պետութիւնը, պէտք է օգնեն նրանց, ովքեր մնում են Սուրիայում` պահպանելու
հայկական օճախը: Միւս կողմից մենք ասում ենք, որ եթէ մարդը, այնուամենայնիւ, որոշել է
արտագաղթել Սուրիայից, ապա գերադասելի է, որ նա գայ Հայաստան: Այս դէպքում եւս համայն
հայութիւնը, այդ թւում եւ Հայաստանը, պէտք է օգնեն նրան հաստատուելու եւ նոր արմատներ
գցելու հայրենիքում» (ըսած է Նախագահ Սարգիսեան) :