2012-11-05 13:13:05

Նախագահ Սարգսեանի Ցաւակցական Հեռագիրը ՝ Պարաք Օպամային։


Հայաստանի նախագահը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` երկիրը հարուածած բնական աղէտին` «Սենտի» աւերիչ փոթորիկին առնչութեամբ:
Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ձերդ գերազանցութիւն,
խորապէս ցնցուած ենք ամերիկեան ցամաքամասը պատուհասած «Սենտի» աւերիչ փոթորիկի հետեւանքներէն. փոթորիկ մը, որ խլեց տասնեակ անմեղ կեանքեր ու պատճառեց ահռելի նիւթական վնասներ:
Բաժնեկցելով ձեր եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի վիշտն ու ցաւը` բոլոր զոհուածներու հարազատներուն կը մաղթեմ ոգիի արիութիւն, իսկ տուժած շրջաններուն` շուտափոյթ վերականգնում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.