Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի
Արեւմտահայերէնի անթերի գործածութեան եւ անոր պայծառ դիմագիծի պահպանման նախանձախնդրութենէն
մեկնած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակը,
Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, որոշեց իրականացնել հայ լեզուի խտացեալ
դասընթացք մը` ուսուցիչներուն, ազգային, կրթական եւ միութենական կառոյցներու մէջ ծառայող
քարտուղար-քարտուղարուհիներուն եւ հայերէնի հանդէպ յատուկ սէր տածող հայորդիներուն համար: Շաբաթական
երկօրեայ դրութեամբ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի
ժամը 5:00-7:00, մասնակիցներուն պիտի փոխանցուին քերականական, շարահիւսական, ուղղագրական
եւ լեզուական կարեւոր գիտելիքներ: Չորս ամիսներու վրայ երկարող այս խտացեալ դասընթացքին
նիւթերը պիտի աւանդեն տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ տեարք` Ժիրայր Դանիէլեան, Կարօ Յովհաննէսեան
եւ Սարգիս Կիրակոսեան: Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի դիմում կատարած ենթականերուն
պարզած պատկերին լոյսին տակ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ հայ լեզուի այս
խտացեալ դասընթացքին, պարտին ներկայանալ կաթողիկոսարանի կրթական-հայագիտական բաժանմունքի
քարտուղարուհի Մարլեն Էվինկիւլեանին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00,
իսկ շաբաթ օրերը, 9:00-11:00, կամ հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04/ 410 001 թիւին` մինչեւ
15 նոյեմբեր 2012: