2012-11-05 12:48:32

Անպա Թէոտորոս Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պապ Ընտրուեցաւ


Կիրակի օրը՝ (երէկ) 12 մանուկներէ կազմուած խմբակէ մը ընտրուած Պիշուա Ժըրժըս , ակնակապ վիճակի մէջ, անօթի մը մէջ զետեղուած' անուններէն, ընտրեց անպա Թէոտորոսի անունը, որ օծուելէ ետք պիտի ըլլայ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը, փոխարինելով' վախճանեալ Շնոտա Գ. պապը: Անպա Թէոտորոսի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անոր տարեդարձին օրը:
Թէոտորոս Բ. ծնած է 4 նոյեմբեր 1952-ին: Ան 1975-ին Աղեքսանդրիոյ համալսարանէն վկայուած է դեղագործութեան պսակաւոր գիտութեան վկայականով, ապա իր ուսումը շարունակած է Անգլիոյ մէջ: Ան ծանօթ է իբրեւ փոքրերու կրօնական դաստիարակութեան մեծ կարեւորութիւն տուող անձնաւորութիւն մը, որովհետեւ նոր սերունդը կը նկատէ եկեղեցւոյ զարթօնքի գրաւականը: Ան երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան միջոցներ հաստատելը կարեւոր հարց մը կը նկատէ:
Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետ Մոհամետ Պատիհ շնորհաւորեց Թէոտորոս Բ. պապը ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ ընտրուելուն առիթով:
Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահը՝ Մոհամետ Մուրսի, պիտի մասնակցի Թէոտորոս Բ. պապի օծման արարողութեան, եթէ ղպտի եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ:
Իսկ Պապական տեղապահը՝ անպա Պախիմոս յայտնեց, որ նախագահ Մուրսի խոստացած է մօտ օրէն ղպտի եկեղեցւոյ այցելութիւն մը տալ. աւելցնելով նաեւ որ եկեղեցին նոր պապի օծման արարողութեան պիտի հրաւիրէ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամէտ Մուրսին:
Նշենք որ՝ Թէոտորոս Բ. Ղպտիներուն նոր Պապին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 նոյեմբերին։









All the contents on this site are copyrighted ©.