2012-11-03 12:40:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 3 նոյեմբերի առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոսի անուան տաճարին մէջ, 2012-ին մահացած՝ կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու հոգիներուն համար։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
Մահուան իրականութեան առջեւ մարդ էակը ամէն դարաշարջանին մէջ, ննջեցեալներու յիշատակով եւ սիրելիներու գերեզման այցելութեամբ, կը փնտռէ յոյսը` ՜՜լոյսի նշոյլ մը, որ կը խօսի կեանքին մասին՝՝։
Մենք քրիստոնեաներս ինչ դիրք ունինք մահուան դիմաց։
Կը պատասխանենք մեր ունեցած հաւատքին Աստուծոյ մէջ, յոյսով կը դիտենք մահը. այդ յոյսը հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի Մահուան ու Յարութեան վրայ։
Հետեւաբար քրիստոնեայի մը համար, մահը կը բանայ դուռը կեանքին, յաւիտենական կեանքին, որ կրկնութիւնը չէ ներկայ կեանքին, այլ՝ բոլորովին նոր կեանք մըն է։ Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ որ ճշմարիտ անմահութիւնը, որուն կը ձգտինք գաղափարական մը չէ կամ տեսութիւն մը չէ, այլ՝ կատարեալ հաղորդութեան յարաբերութիւն մըն է ողջ Աստուծոյ հետ։
Հետեւաբար դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեր յոյսը կը հիմնուի ՜՜Աստուծոյ սիրոյ վրայ՝՝ ու կ'արձագանգէ Քրիստոսի խօսքը խաչին վրայ ուղղուած բարի աւազակին. ''այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ''։
Մահով մեր կեանքը իր լիութեան կը հասնի, Աստուծոյ մէջ մեր կեանքը, ներկայիս կը նշմարենք, նման արեւուն որ կը ճառագայթէ ամպերու ընդմէջէն։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ ըսաւ. ՜՜ հաւատքի ու աղօթքի այս մթնոլորտին մէջ, համախմբուած ենք խորանին շուրջ, Ս. Զոհը մատուցանելու 2012-ին մեզմէ յաւէտ բաժնուած՝ կարտինալներուն, արքեպիսկոպոսներուն ու եպիսկոպոսներուն հոգիներուն համար։
Անոնք աւարտեցին իրենց երկրաւոր կեանքը։
Հայցենք ամենաբարի, արդար ու գթարատ Տիրոջմէն, որ ողորմի անոնց ու զանոնք ընդունի իր Արքայութեան մէջ։
Անոնք իրենց երկրաւոր կեանքին ընթացքին, եղան հեզ ու ողորմած, սրտով մաքուր, խաղաղարարներ, Տիրոջ բարեկամներ վստահած անոր երանաւէտ խոստումներուն, իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ փառքին ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար՝՝։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜հոգեւոր հովիւները որ այս ծիսակատարութեան ընթացքին կը յիշատակենք, եկեղեցւոյ իրենց ծառայութիւնը մատուցին ամենայն հաւատարմութեամբ ու սիրով, դիմագրաւելով երբեմն խոչընդոտներ պաշտպանելու ու պահպանելու իրենց վստահուած Աստուծոյ հօտը։ Իւրաքանչիւրը իրեն յանձնուած պարտականութեան համաձայն, իր առաքելութիւնը կատարեց ամենայն իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ Աստուծոյ Արքայութեան ի սպաս։ Մեր լիայոյս աղօթքը կը բարձրացնենք Աստուծոյ , որպէսզի զանոնք իր դրախտին մէջ ընդունի՝՝։ Պօղոս առաքեալը հռոմէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ. ՜՜ եթէ մենք կը մեռնինք Քրիստոսի մէջ կը հաւատանք որ նոյնպէս պիտի ապրինք Քրիստոսի մէջ՝՝։
Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ Աստուածամօր մայրական բարեխօսութեան կը դիմենք, որպէսզի զանոնք ընդունի ու ներմուծէ Աստուծոյ Հօր յաւիտենական Արքայութեան մէջ։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք անոնց համար, այն յոյսով որ՝ օր մը, անոնց միանանք դրախտին մէջ. ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.