2012-11-03 12:49:29

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Մասին Դասախօսական Հանդիպում ։


՜՜Արաբական Գարունի եւ Առաքելական Յորդորագիրի Միջեւ՝՝ բնանիւթով։
Յառաջիկայ երկուշաբթի՝ 5 նոյեմբերի յետ միջօրէին (ժամը 17-ին) Տոմինիքեան միաբանութեան Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի անուան քահանայապետական համալսարանի մէջ, հովանաւորութեամբ Մարոնի եկեղեցւոյ գերերջանիկ Պէշարա Րաի Պատրիարքին, տեղի կ՛ունենայ դասախօսութիւն մը ՜՜Քրիստոնեաները միջին արեւելքի մէջ, Արաբական Գարունի եւ Առաքելական Յորդորագիրի միջեւ՝՝ խորագրով. որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան միջին արեւելքի հարցերու մասնագէտներ որոնք պիտի ներկայացնեն ՜՜քրիստոնեաներու իրավիճակը ու անոնց մտավախութիւններն ու ապրած դժուարութիւնը արաբական գարունի լոյսին տակ՝՝ ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին յանձնած <<եկեղեցին միջին արեւելքի մէջ>> յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրի օժանդակութիւնը՝՝։
Հանդիպումի բացումը կը կատարեն Համալսարանի Րէկտոր Հայր Միրոսլաժ Գինշթանք Ատամ եւ Մարոնիթ Վարժարանի Րէկտոր Հայր Սալիմ Րաժի ապա ելոյթ կ՝ունենայ միջին արեւելքի հարցերու մասնագէտ Տօքթ Հապիպ Շարլ Մալիք։ Հանդիպումի ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ Ալ Լիքաա - հանդիպում - ծրագիրը ու ապա տեղի կ՝ունենայ կլոր սեղան մը ու նաեւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ մեղեդիներու համերգ։








All the contents on this site are copyrighted ©.