2012-11-03 12:42:18

Խրուաթիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ուխտագնացութիւնը


Խրուաթիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը 4-9 նոյեմբեր ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Հռոմ, նախ՝ իբր ՜՜նշան երախտագիտութեան՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անցեալ տարի (2011-ին) Խրուաթիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան համար, եւ ապա ՜՜հաւատքի տարւոյն՝՝ առթիւ։
Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներու, որոնց կ'ընկերանան շուրջ 200 քահանաներ եւ Խրուաթիոյ եպիսկոպոսական դասը։
Խրուաթ ուխտաւորները 8 նոյեմբերին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը մասնակցին Ս. Պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.