2012-11-02 11:27:09

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թուրք Յայտնի Լրագրող Հասան Ճեմալի Գիրքը Ամենաշատ Ծախուածներու Շարքին ։ Գիրքը "Best-Seller" դարձած Թուրքիոյ մէջ։


Թուրք յայտնի լրագրող Հասան Ճեմալի գիրքը, որը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Թուրքիոյ մէջ դարձած է է Best-Seller ինչպէս ցոյց կուտայ հայկական հարցի նկատմամբ թուրք հարսարակութեան աճող հետաքրքրութիւնը:
Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ -ը, այս մասին գրած է թրքական Today's Zaman պարբերականը: «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն » խորագրով անցած ամիս հրատարակուած գրքի նկատմամբ երկրէն ներս որեւէ հետապնդում չէ իրականացուած: Milliyet թերթի մեկնաբան յայտնի լրագրող Հասան Ճեմալի նոր գրքի մասին Zaman-ի մէջ հրապարակուած յօդուածով մը , սիւնակագիր Շահին Ալփայ գրած է որ ՝՝այս աշխատութեան հեղինակը Ճեմալ փաշայի թոռն է, որ եղած է երիտ-թուրքերու կառավարութեան դեմքերէն մին : Սիւնակագիրը յօդուածին մէջ կը մէջբերէ նաեւ Հրանդ Տինքի սա խօսքերը. «Անհրաժեշտ է ոչ թէ ժխտել կամ ճանաչել, այլ՝ կատարուածին տեղեկանալ»: «Կը հաւատամ , որ այս խօսքերը տեղին են նաեւ այսօր»,(կը շեշտէ թուրք սիւնակագիրը Ալփայ)։
Գիրքին մասին արձագանգած է նաեւ ֆրանսական «Լը Մոնտ» տարածուն թերթը, որ գրած թէ Հասան Ճեմալ Թուրքիոյ մէջ քանդեց հայկական թապուները: Թերթին Պոլսոյ աշխատակիցը Կիյոմ Փերիէն է, որ ստորագրած է թղթակցութիւնը, ուր կը նշուի, որ այս գիրքին հրատարակութիւնը անցեալի հարցերը լոյս աշխարհ բերելու տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մըն է: Կիյոմ Փերիէ նաեւ կը յիշեցնէ, որ Հասան Ճեմալ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշային թոռն է եւ ան հիմա ամենայն հանգստութեամբ կ՛ընդունի ու կը գործածէ «Ցեղասպանութիւն» բառը:








All the contents on this site are copyrighted ©.