2012-11-01 12:10:47

Սիքստեան Մատուռը Հինգ Դարեր Յետոյ։


Հինգ դարեր յետոյ Վատիկանի Սիքստեան Մատուռը կը մնայ աւելի քան 5 միլիոն անձերու համար (որոնք ամէն տարի կ՝այցելեն Մատուռը՝ ՝՝անմոռանալի ապրումներու վայրը՝՝։ Պէտք է մտածել որ Սիքստեան Մատուռը ոչ միայն տիեզերական արուստի վսեմ վայրն է ,այլ նաեւ աշխարհի ամենահռչակաւոր թանգարանային վայրերէն մին է ։ Պապական մեծ ծիսակատարութիւններէ ,Կարտինալներու Ժողովներէ անդին (յորում անոնք կ՝ընտրեն Նոր Քահանայապետը) ,Սիքստեան Մատուռը նաեւ գլուխ գործոցն է անմոռանալի Միքելանճելոյի որ Մատրան առաստաղի կամարը զարդարած է 1508էն-1512 թուականներու միջեւ, եւ յաջորդաբար Խորանի ետեւի պատը՝Վերջին Դատաստանով 1536էն-1541 թուականներուն։ Մատուռը իր անունը կ՝առնէ Սիքստոս Դ.րդ Տէլլա Ռովերէ-էն որ զայն կառուցել տուած է Ճովաննի Տէի Տոլչիի-ն։ Սիքստեան Մատուռը Միքելանճելոյի քաջ ծանօթ գործերէն զատ կը պարունակէ նաեւ Իտալացի այլ մեծ արուեստագէտներու կարեւոր որմնանկարները որպիսի են՝Պոթթիչէլլի,Փերուճինօ Կիրլանտաիօ,Սինիորէլլի եւ Ռոսէլլի.... Կարելի է ըսել որ Սիքստեան Մատուռը կը բովանդակէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրօնուսուցումը լիովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.