2012-11-01 12:03:16

Հիւսիսարեւելեան Միացեալ Նահանգները Կը Սկսին Վերստին Ոտքի Կանգնելու Եւ «Սենտի»-ի Պատճառած Վնասները Հաշուելու Աշխատանքին: ՝՝ Սենտի՝՝ Կ՝ուղղուի դէպի Գանատա։


«Սենտի» փոթորիկը արդէն կը հեռանայ հիւսիսարեւելեան Միացեալ Նահանգներու ափերէն, ուր հակառակ մեծ վնասներուն, գործատեղիները կը վերսկսին իրենց դռները բանալու:
Միլիոնաւոր մարդիկ մնացած են առանց ելեկտրականութեան, քանդուած են բազմաթիւ բնակարաններ, կասեցած՝ փոխադրամիջոցները,ինչպէս նաեւ օդային հաղորդակցութիւնը,«Սենտի»-ի պատճառով չեղեալ նկատուած է առնուազն 18 հազար թռիչքներ։ Մրցանշային 4 մեթր բարձրութեամբ ալիքներ լեցուած են Նիւ Եորքի փապուղիները: Փոթորիկը խափանած էր նաեւ Նիւ Եորքի սակարանը:
Նիւ Ճըրզիի մէջ վնասներ կրած են աւելի քան 2.5 միլիոն ընտանիքներ։ Կը նախատեսուի, որ «Սենտի»-ի վնասները վերականգնելու համար ծախսուի 30-40 միլիառ տոլար: Ատիկա զգալի կերպով քիչ է 2005-ի փոթորիկին պատճառած վնասէն: Օրին Միացեալ Նահանգները 100 միլիառ տոլար ծախսած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.