2012-11-01 12:13:31

Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի Լիանիստ ժողովը


Հայ Աւետ. Համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) Լիանիստ ժողովը գումարուեցաւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս՝ Փարամըս, Նիւ Ճըրզի: Լիանիստ ժողովին մասնակցեցան ՀԱՀԽի մաս կազմող եօթը կազմակերպութիւններ ու պատգամաւորները։
Օրակարգի վրայ գտնուող նիւթերու խորհրդածութիւններէն ետք առնուած զանազան որոշումներու շարքին ժողովականները վերահասու եղան Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ կազմակերպուած Միացեալ յանձնախումբի Սեպտեմբեր 20, 2012ի ժողովին որոշումներուն: Խորհուրդը ապա սերտեց Եւրասիոյ աւետարանչական գործին մասին եղած տեղեկագիրը ւ որոշուեց, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ նշանակուած յանձնախումբ մը այցելէ Եւրասիոյ Աւետարանական կարեւոր կեդրոնները եւ իր հերթին ընէ իր յանձնարարութիւնները Խորհուրդին:
Մասնաւոր աղօթքի եւ խորհրդակցութեան առարկայ դարձաւ Սուրիոյ հայ գաղութի եւ մասնաւորապէս Հայ Աւետ. համայնքի մտահոգիչ կացութիւնը իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ քաղաքական տագնապին: Որոշուեցաւ, թէ Խորհուրդի բաղկացուցիչ եկեղեցական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները շարունակեն իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը եւ յանձնառու ըլլան նիւթապէս ձեռք կարկառելու իրենց հայրենակիցներուն:
2013 տարեշրջանին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր հիմնադրութեան 95ամեայ յոբելեանը պիտի տօնէ զանազան հանդիսութիւններով: Այս առթիւ կը ծրագրուի կազմակերպել մասնաւոր ուղեւորութիւն մը դէպի Հայաստան:
ՀԱՀԽի երկամեայ ընտրութիւնները կատարուեցան եւ հետեւեալ դիւանի անդամները ընտրուեցան. վեր. Յովէլ Միքայէլեան՝ նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ փոխնախագահ, վեր. Նշան Պագալեան՝ ատենադպիր, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան՝ գանձապահ: Դիւանի ծառայութեան շրջանը կը սկսի Յունուար 1ին եւ վերջ կը գտնէ Դեկտեմբեր 31, 2014ին:
Որոշուեցաւ ՀԱՀԽի Գործադիր յանձնախումբի յաջորդ տարեկան ժողովը գումարել Հոկտեմբեր 11, 2013 թուականին, Ուաթըրթաունի (Պոսթըն) Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.