2012-11-01 12:13:23

Ափրիկէի մէջ Քրիստոնէութիւնը Թիւով Գերազանցած Է Մահմետականները։


Քրիստոնէութիւնը դարձած է Ափրիկէի առաջին կրօնքը եւ բացայայտօրէն գերազանցած է իսլամութիւնը - յայտարարած է Մարոքի ''Էլ Ժատիտա'' կազմակերպութիւնը։ Քրիստոնեաները, վերջին տուեալներու համաձայն, կը ներկայացնեն ափրիկեան ցամաքամասի բանկչութեան 46,53 տոկոսը, մինչ իսլամները կը ներկայցնեն 40,46ը։ Իսկ աւանդական կրօնի հետեւողները կը ներկայացնեն 11,8 տոտկոսը։ Ափրիկէի 59 պետութիւններու 31-ը մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ են, իսկ 21-ը' մահմետական եւ 6-ը' աւանդական կրօնի հետեւորդ։ Յայտնենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետները իրենց առաքելութիւնը կեդրոնացուցած են Ափրիկէի վրայ։ Այդ պատճառաւ, դէտերու գնահատումով, ծայրայեղ մահմետականները բռնութիւններով ու ռումբերով կը պայքարին քրիստոնէութեան դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.