2012-11-01 12:07:30

Այսօր 1 Նոյեմբեր Տօն Ամենայն Սրբոց։


Այրեր ու կիներ լիացած Աստուծոմով եւ դառցած՝ փոքր ու անկրկնելի լոյս մը,գիտցան ապրիլ մինչեւ իրենց սրտի ներքին ծալքերը իրենց կոչումը՝Աստուածապարգեւ իրենց ուրոյնութեան համաձայն։ Սուրբը կը լուսաւորէ այս աշխարհի յաճախ թագնած տեսարանը,ու զայն կը հրաւիրէ վստահութեամբ յուսալու,վկայելով թէ Աստուծոյ Սրբութիւնը չի ստեր, այլ ինքզինք կը հաղորդէ մարդոց,զանոնք կցելով իր անձին։
Ամենայն Սրբոց Տօնը կը յիշեցնէ մեզի ամենուս Տիրոջ հետ մեր վերջնական հանդիպումը, որուն ամենքնիս կանչուած ենք։ Այս Աստուածը որ մեզ կը կանչէ եւ մենք որ դէպի իրեն կը ճամբորդենք Սիրոյ Աստուած մըն է,ինք իսկ հաստատեց զայն որով չկայ լաւագոյն միջոց մը քան պատրաստուիլ իրեն հասնելու այն օրը որ իրեն հաճելի պիտի ըլլայ։
Եկեղեցին որուն ամենքնիս ալ կոչուած ենք Քրիստոսով եւ որուն մէջ կը սրբանանք Աստուծոյ շնորհքովը,պիտի ունենայ իր կատարելագործումը Երկնային Փառքի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.