2012-10-31 12:22:31

Սուրիոյ Պատերազմը։ 7 Հայեր Առեւանգուած՝ Պէյրութ-Հալէպ Ճամբուն Վրայ։


29 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7։30ին Պէյրութէն՝ Հալէպ ուղղուող «Զէյթունի Թուրզ» ընկերութեան հանրակառքը, երեկոյեան ժամը 6ի մօտերը, Հալէպէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սարաքեպ շրջանին մէջ կանգնեցուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ, որոնք հանրակառք ներխուժելով եւ յետ ստուգման՝ առանձնացուցած են հանրակառքի քրիստոնեայ ճամբորդները եւ ապա, կիներն ու երեխաները ազատ թողլով՝ իրենց մօտ պահած են տղամարդիկը: Առեւանգուածները 11 հոգի են, որոնցմէ 7-ը՝ հայեր, երկուքը՝ արաբ քրիստոնեայ եւ երկուքը՝ քիւրտեր։ Առեւանգեալները փոքր փոխադրակառքով մը տարուած են անորոշ ուղղութեամբ։
Աշխատանք կը տարուի առեւանգեալներու ինքնութիւնը գիտնալու եւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու համար։
Առեւանգուածներու ինքնութիւնը առայժմ անյայտ է:
Իր կարգին Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուցած է հայերու առեւանգման մասին: Ան դիտել տուած է, որ 10 առեւանգուածներու անունները յստակ չեն տակաւին եւ աշխատանք կը տարուի զանոնք անվտանգ Հալէպ վերադարձնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.