2012-10-31 13:15:03

Միջեկեղեցական Կեանք. Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Ժողով. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան Ընտրուեցաւ Ատենապետ Նոյն Մարմինին


23-25 հոկտեմբեր 2012, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ անդամ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեսուչ դպրեվանքի):
Ժողովականները յաջորդ շրջանին համար Նարեկ սրբազանը միաձայնութեամբ իրենց ատենապետը ընտրեցին:
Ժողովին միւս մասնակիցներն էին ուղղափառ, հռոմէական կաթողիկէ, բողոքական, անկլիքան, լուտերական, բարեկարգեալ, մկրտչական, մեթոտիսթ, գալստական եւ ազատ եկեղեցիներու գլխաւոր ընտանիքներէ աւելի քան քսանհինգ ներկայացուցիչներ:
Ժողովականներ քննարկեցին միջեկեղեցական եւ ներեկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հիմնական հարցեր եւ համաքրիստոնէական մտահոգութիւններ:
Իր զեկուցումին մէջ, Նարեկ սրբազան ներկայացուց արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու` այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւնները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններուն գլխաւոր երեսները: Ան նաեւ յատուկ կերպով ընդգծեց, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, հրամայական է անոնց ներկայութիւնն ու վկայութիւնը շրջանին մէջ, եւ բոլոր եկեղեցիները այս ուղղութեամբ առաւել գործօն դերակատարութիւն պէտք է ունենան:
Առաւել, Նարեկ սրբազան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի ու զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց միջեկեղեցական շարժումն ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը շահագրգռող հարցեր:
Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար Պրայըն Ֆերըլ եպիսկոպոսին հետ եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան արժեւորումը կատարեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.