Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային
օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին: Ան
շեշտեց, որ երկրին հարցերը պէտք է հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ քննարկուին` աւելցնելով,
որ կառավարութեան փոփոխութիւնը կարելի է իրականացնել փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ ոչ
թէ անիշխանութեան ստեղծումով: Կարտինալ ընտրուած Ռայի Պատրիարքը մերժեց քաղաքական
բոլոր ամբաստանութիւնները, որոնք կատարուած էին հազարապետ-զօրավար Վիսամ Հասանի սպանութեան
առումով: Ռայի Պատրիարքը հաստատեց, որ Վիսամ Հասանի սպանութեան նպատակն էր Լիբանանը
անորոշ կացութեան ենթարկել: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին ուղղած ազգային երկխօսութեան
կոչին ընդառաջելը լաւագոյն ձեւն է երկրին լարուածութիւնը փարատելու: Ռայի Պատրիարքը
ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք գետնի վրայ իրենց հակակշիռին
տակ կ՛առնեն կացութիւնը եւ ապահովական կայունութիւն կը պարտադրեն: «Անոնք են Լիբանանի
ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող իսկական դարպասները»(ըսաւ նորընտիր կարտինալը): Ընտրական
առումով, Ռայի Պատրիարքը վերահաստատեց 1960-ի ընտրական օրէնքին դէմ իր մերժողական կեցուածքը`
ընդգծելով, որ ընտրական այդ օրէնքը լիբանանցիներու տարակարծութիւններուն եւ հարցերուն
իսկական աղբիւրն է: Ան կոչ ուղղեց համախոհութիւն մը գոյացնելու ընտրական նոր մշակուած
ծրագիրի մը շուրջ: