2012-10-31 12:31:47

Հունգարիոյ Պատուիրակութիւնը Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայերէն (ՔԵՊԷՔ )։


Միջ-խորհրդարանական միութեան 127րդ վեհաժողովին՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ելոյթէն ետք, Հունգարիոյ Պատուիրակութեան ընդդիմադիր անդամը ներողութիւն խնդրած է հայերէն ՝՝Սաֆարովը արտայանձնելու՝՝ համար, եւ տեղեկացուցած, որ Հունգարիոյ պատուիրակութեան ղեկավարը կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ հայկական պատ-ուիրակութեան հետ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ին, Հոկտեմբեր 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պատուիրակ, Ազգային ժողովի Օրինաց Երկիր կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Պիշարեանը:

«Հունգարիայի Պատուիրակութեան ղեկավար Լասլօ Հորուաթը չափազանց յուզուած մօտեցաւ մեզ եւ ասաց, որ շատ են ափսոսում կատարուածի համար եւ ցանկանում են վերականգնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Ինքը երկու տարի առաջ այցելել է Հայաստան եւ կարծում է, որ լաւ կը լինի եթէ պատգամաւորների փոխայցելութիւնների մակարդակով փորձեն վերականգնել Հունգարիայի եւ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները», նշած է Հեղինէ Պիշարեան:
Տակաւին կան երկիրներ, պատգամաւորներ, որոնք լաւատեղեակ չեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին,յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ո՛ր երկրի մէջ պիտի կայանայ յաջորդ վեհաժողովը՝ պատուիրակութեան անդամ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Կարէն Ճշմարիտեան ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը փափաքի, որ անիկա տեղի ունենայ իր երկրին մէջ, նոյնիսկ յայտարարած էր, որ պիտի լուծէ բոլորին վիզաներ տրամադրելու հարցը եւ այդ ցանկին առաջինը Հայաստանը պիտի ըլլայ, սակայն նախնական համաձայնութեամբ, յաջորդ վեհաժողովը պիտի կայանայ Մոնկոլիայի մէջ:
21-26 Հոկտմբերին Քեպէքի մէջ կայացած է Միջխորհրդարանական միութեան 127րդ վեհաժողովը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.