2012-10-31 12:18:04

«Սենտի» Աւելի Քան 100 Զոհեր Կը Խլէ,Առնուազն 48ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մէջ։ 8 Միլիոն Քաղաքացիներ Առանց Ելեկտրականութեան։


Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափը Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29-30ին հարուածած «Սենտի» փոթորիկը առնուազն 48 զոհեր պատճառած է, միաժամանակ առանց ելեկտրականութեան ձգելով աւելի քան 8 միլիոն քաղաքացի:
Դաշնակցային կառավարութեան ոչ կենսական բոլոր գրասենեակները եւ Նիւ Եորքի սակարանները եւս փակ մնացին Երեքշաբթի օր, մինչ տեղական մարմինները կ՛ազդարարէին, թէ ողողուած շրջաններուն մաքրագործումը կրնայ ակնկալուածէն աւելի երկար տեւել:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ փոթորիկին պատճառած նիւթական վնասները կրնան մօտաւորապէս 20 միլիառ տոլար ըլլալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.