2012-10-30 12:07:12

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Աստուծմէ սիրուած աշխարհ մը։
Յաղթահարել վախը հաւատքի զօրութեամբ եւ նայիլ յառաջ` քաջութեամբ։ Թէեւ անպատշաճութեամբ ու մարտահրաւէրներով լի աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք սակայն կը մնայ միշտ Աստուծմէ սիրուած աշխարհ մը։
Եկեղեցւոյ խորհրդածութիւնը նոր աւետարանութեան պահանջի մասին յառաջ եկաւ հաւատքէն հեռացումի եւ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ աւետարանացումի դժուարութիւններու պատճառաւ։
Պատգամը սակայն, որուն միջոցաւ սիւնհոդոսական հայրերը կ՛ուղղուին եկեղեցւոյ յուսահատութեան խօսք մը չէ այլ յանձնառումի պատգամ մըն է եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի, յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութեան եւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեան վրայ հիմնուած յոյս մըն է։ Ոչ մէկ յոռետեսութիւն ուրեմն. համաշխարհականացում, աշխարհականացում եւ ընկերութեան նոր երեւոյթները, գաղթականութիւնը, դառնալու են աւետարանութեան առիթներ։
Սիւնհոդոսական հայրերու կողմէ շօշափուած նիւթերու զանազանութենէն ի յայտ կու գայ ներքին յարակից միութիւն մը, որ կ՛ընգծէ նորոգուած եկեղեցի մը, ամէն շրջաններուն մէջ ու իր ամբողջ մասերով - ընտանիք, ժողովրդապետութիւն, կղեր, աշխարհական....գիտակից իր առաքելութեան։

Եկեղեցի մը աշխարհի հետ երկխօսութեան մէջ. մշակոյթի, գիտութեան, դաստիարակութեան, արուեստի. գործունեայ մարդասիրութեան ու նաեւ տնտեսական ասպարեզին հետ, ու նաեւ աշխատանքի ու քաղաքականութեան հետ որ կը փնտրէ հասարակաց բարիքը։

Յատկապէս եկեղեցի մը որ շինիջ երկխօսութեան մէջ է այլ կրօններու հաւատացեալներուն հետ եւ եկեղեցի մը որ իր իքնութիւնը կրնայ կորսնցնել եթէ յարատեւ չի շարունակէ հայեցողութեան ու աղօթքի մէջ փնտռել Աստուծոյ դէմքը ու այդ դէմքը տեսնել աղքատներուն մէջ որ միշտ մեր հետն են։

Եպիսկոպոսները ու Սիւնհոդի միւս անդամները կը վերադառնան իրենձ նստավայրերը Սրբազան Քահանայապետին - որ հաւատարմօրէն հետեւեցաւ աշխատանքներուն- թողելով ուսումնասիրութեան արժէքաւոր նպաստ մը որ կը պատկանի համայն Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցի մը որ Հաւատոյ Տարուայ առթիւ ինքզինք ոգեւորուած կը զգայ գտնելու համար այն ուղիներն ու վայրերը բոլորին հետ բաժնեկցելու հաւատքի պարգեւը որ գոյութիւն ունեցող ամէնագեղեցիկ ու ամէնէ արժէքաւոր պարգեւն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.