2012-10-30 13:27:24

Գաղթականներու 99-րդ Համաշխարհային Օրուան Պատգմաը


Գաղթականներու 99-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, իր յղած պատգամին մէջ, կը պաշտպանէ գլխաւորապէս «չգաղթելու իրաւունքը»։ Գաղթականներու 99-րդ համաշխարհային օրը կը նշուի 13 յունուար 2013-ին։ Այս առթիւ հրատարակուած պատգամի նիւթն է «Արտագաղթերը՝ հաւատքի եւ յոյսի ուխտագնացութիւն»։Նիւթ մը զուգահեռ Հաւատքի Տարուան, Վատիկանի Բ. ժողովի յիսնամեայ յոբելեանին եւ Պիոս ԺԲ. գաղթականութեան մասին «Exsul familia» առաքելական յորդորագիրին 60 ամեակին։
«Սիրելի եղբայր եւ քոյր գաղթականներ, թող այս համաշխարհային օրը վերանորոգէ ձեր վստահութիւնը եւ յոյսը Տիրոջ հանդէպ, որ միշտ մեր հետ կը մնայ», յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը, կոչ ուղղելով ճանչնալու Աստուծոյ դիմագիծը «բարի գործերուն» եւ «ընդունելութեան ու հիւրընկալութեան վկայութիւններուն» միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.