2012-10-30 11:52:21

«Սուրիական Տագնապը Շատ Վտանգաւոր Է, Եւ Կացութիւնը Հետզհետէ Կը Բարդանայ Ու Կը Վատթարանայ» Կ՝ըսէ Լախտար Իպրահիմի։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Մոսկուայի մէջ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու` նշելով, որ «պէտք է Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան սկսիլ»:
Ան ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ Իպրահիմիի առաջարկած զինադադարի ձախողութեան համար` աւելցնելով, որ «չենք գիտեր, թէ Սուրիոյ մէջ զինադադարը ո՛վ խզեց»` սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով «այս հոլովոյթին մէջ իրենց ժողովուրդին գթալու»:
Լաւրով ըսաւ, որ «պէտք է Դամասկոսի եւ ընդդիմութեան վրայ ճնշում բանեցնել` զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական երկխօսութեան անցնելու համար»: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ չվաւերացուեցաւ:
Իպրահիմի իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիա Միջին Արեւելքի մէջ մեծ դերակատար մըն է եւ ուժեղ կերպով ներկայ է»` նշելով, որ «սուրիական տագնապը շատ վտանգաւոր է, եւ կացութիւնը հետզհետէ կը բարդանայ ու կը վատթարանայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.