2012-10-29 13:30:49

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը Մասնակցեցաւ Նոր Աւետարանութեան Մասին Սիւնոդոսի Եզրափակիչ Պատարագին։


Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը մասնակցեցաւ Նոր Աւետարանութեան մասին Սիւնոդոսի եզրափակիչ պատարագին, Ս Պետրոս տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ու մասնակցութեամբ սիւնհոդոսական բոլոր եպիսկոպոսներուն։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան որ այս օրերուս Հռոմ կը գտնուի։
Յայտնենք որ Նոր Աւետարանութեան մասին սիւնոդոսը տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ 7-28 հոկտեմբեր (2012)։








All the contents on this site are copyrighted ©.