2012-10-29 12:23:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Եւ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը:


Երկուշաբթի 29 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Խրուաթիոյ Վարչապետ` Տիար Զորան Միլանովիչին ու անոր ընկերացող շքախումբին։ Յայտնենք որ այս տարի կը նշուի Սուրբ Աթոռի ու Խրուաթիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20րդ ամեակը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11.30-ին ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլէն։
Իսկ երէկ կիրակի 28 հոկտեմբերին, Սրբազան Հայրը` Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորեց նոր աւետարանութեան նիւթով եպիսկոպոսական ԺԳ սիւնհոդոսի եզրափակիչ արարողութիւնը որուն աւարտին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը։
Այս առթիւ կատարած խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Պետրոսի մէջ կատարուած սիւնհոդոսի եզրափակիչ արարողութեան։ Երեք շաբակներու ընթացքին - ըսաւ Ան - միասնաբար խորհրդակցեցանք նոր աւետարանութիւնը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման նիւթին մասին։ Այս Ժողովին համայն եկեղեցին ներկայացուած էր ու Տիրոջ շնորհքներով սիւնհոդոսի աշխատանքները կու տան իրենց պտուղները։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ <<Սիւնհոդոսը եկեղեցական հաղորդութեան կարեւոր ժամանակ է>> ու հրաւիրեց հաւատացեալները գոհաբանութիւն մատուցելու առ Աստուած որ առիթը ներկայացուց ապրելու <<Եկեղեցի ըլլալու այս գեղեցիկ փորձառութիւնը>>։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա ակնարկեց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձին ու 2012-2013 տարեշրջանի ընթացքին հռչակուած հաւատոյ տարուան զուգադիպութիւններուն։ Մտաբերել Յովհաննէս ԻԳ-ի գումարած տիեզերական ժողովը մեզի ցոյց կու տայ թէ նոր աւետարանութիւնը նոր գիւտ մը չէ այլ եկեղեցւոյ ուժականութիւն մը որ 50 տարիներէ ի վեր կը զարգանայ ու կ՛աճի միայն Յիսուս Քրիստոսով որ է իսկական նորութիւնը եւ կը համապատասխանէ ամէն դարաշրջանի մարդու ակնկալիքներուն։
Այս սիւնհոդոսի աշխատանքերէն ի յայտ կու գայ թէ եկեղեցին յանձնառու է հոգեւրոապէս նորոգուելու, որպէսզի իր կարգին հոգեւորապէս վերանորոգէ աշխարհակայնացած աշխարհը։ Եւ այս վերանորոգումը կարելի է վերագտնելով Յիսուս Քրիստոսը Անոր ճշմարտութիւնը, Անոր շնորհքները, մարդկային ու Աստուածային Անոր դէմքը որուն վրայ կը յայտնուի Աստուծոյ վերանցական խորհուրդը։
Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուածամօր հովանիին յանձնելով Սիւնհոդոսական աշխատանքները որպէսզի Ան` նոր աւետարանութեան Աստղ, մեզի սորվեցնէ ու մեզի օգնէ քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ հռչակելու Քրիստոսը։
Ապա արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները հուսկ զօրակցութեան կոչ մը ուղղեց Գուպայի, Հայիթիի, Ճամայիքայի եւ Պահամասի վրայ խուժած փոթորիկի զոհերուն ի սպաս, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու ապահովցնելով իր մօտիկութիւնը։
Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու զոհերուն համար ու կոչ կ՛ուղղեմ զօրակցութիւն ցուցաբերելու բնակչութեան ու զոհերու ընտանքիներուն, սփոփելու համար անոնց ցաւերը։ Սրբազան Հայրը ապա վերյիշեց Իտալիոյ Գալապրիա եւ Պազիլիքաթա շրջանի մէջ տեղի ունեցած երկարաշարժը իր աղօթքները վստահեցնելով բնակչութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.