2012-10-29 12:46:54

Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը Ատհայի Տօնի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները։


Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը շաբաթավերջին Վատիկանէն շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս Երկրի իսլամները` Ատհայի Տօնին առիթով:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ ընթացող եպիսկոպոսաց համաժողովին աշխատանքներուն կողքին այցելեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապիթոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցան միջինարեւելեան զանազան տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելն ու ժողովուրդներուն ազգային ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.