2012-10-29 13:24:09

Ղպտիներու Նոր Պապի Ընտրութիւնը։


Եգիպտոսի ղպտիները այսօր կ՛ընտրեն իրենց նոր հոգեւոր պետը, որ պիտի յաջորդէ Շնոտա Գ. պապը, որ մարտ 2012-ին վախճանած էր: Այդ պաշտօնին համար թեկնածու են երկու եպիսկոպոսներ եւ երեք վարդապետներ:
Բարձրաստիճան կրօնաւորներէ, ղպտի նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներէ, ղպտի երեսփոխաններէ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անդամներէ եւ լրագրողներէ կազմուած եւ 2405 անձերէ բաղկացած մարմին մը այսօր պիտի կատարէ ղպտիներու 118-րդ պապի ընտրութեան առաջին հանգրուանը, որուն ընթացքին առաւելագոյն քուէները ապահոված երեք թեկնածուներ կ՛անցնին յաջորդ եւ վերջին հանգրուանին:
4 նոյեմբերին նախատեսուած՝ այդ հանգրուանին ընթացքին աչքակապ ղպտի երեխայ մը կ՛ընտրէ այդ երեք թեկնածուներէն մէկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.