2012-10-29 12:23:28

«Սենտի» Փոթորիկը Կը Խանգարէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրապայքարի Կենսական Վերջին Շաբաթը։


Միացեալ Նահանգներ ուղղուող «Սենտի» փոթորիկը Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուները ստիպեց ժամադրութիւնները վերատեսութեան ենթարկել, եւ ընտրական հաւաքներ ջնջել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արտակարգ դրութեան պատասխանատուներուն հետ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար փոթորիկի դիմակայման քայլերը: Ժամական 120 քիլոմեթր արագութեամբ փչող փոթորիկը, որ շատ հաւանաբար այսօր Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափը հարուածէ, կրնայ առաւել եւս զօրանալ` միանալով շրջանին մօտեցող ձմեռնային փոթորիկի մը:
Նիւ Եորքի կառավարիչը յայտարարեց, որ քաղաքի փապուղիներու, փոխադրակառքերու եւ շոգեկառքերու համակարգերը կիրակի գիշերուընէ սկսեալ կը դադրին գործելէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող շարք մը նահանգներ եւ 60 միլիոն ամերիկացիներ կրնան վնասներ կրել փոթորիկէն, որ Քոպայի մէջ աւելի քան 130 հազար բնակարան քանդած է։
Նշենք որ «Սենտի» փոթորիկը անցեալ շաբաթ Քարայիպեան կղզիներու շրջանին մէջ 60 զոհ պատճառած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.