2012-10-28 09:10:35

ֆիտես Կաթողիկէ Միսիոնարական Լրատու Գործակալութիւնը Կը Ներկայացնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Իրավիճակը Աշխարհին Մէջ։


Կաթողիկէներու թիւը յաւելում կ'արձանագրէ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ.
ֆիտես միսիոնարական կաթողիկէ լրատու գործակալութիւնը կը ներկայացնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համապատկերը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։Համապատկեր մը որ կը ներփակէ Եկեղեցւոյ անդամները, անոր կառոյցները, անոր գործունէութիւնները` առողջապահութեան, խնամատարութեան ու դաստիարակչական մարզերուն մէջ։
Այս համապատկերէն ի յայտ կու գայ որ կաթողիկէներու թիւը յաւելում կ'արձանագրէ երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։
Կաթողիկէ եկեղեցին ներկայիս կը հաշուէ շուրջ մէկ միլիառ 196 միլիոն կաթողիկէներ։Ամէն 2900 հաւատացեալ ունի մէկ քահանայ։
Եկեղեցական գաւառներու, ինչպէս նաեւ եկեղցական կայաններու թիւը յաւելում արձանագրած են։ Նոյնպէս եպիսկոպոսներու, քահանաներու ու մնայուն սարկաւագներու թիւը բարձրացած է։
Ներկայիս կաթողիկէ եկեղեցին ունի 5.104 եպիսկոպոսներ, 412,236 քահանաներ եւ 39,564 մնայուն սարկաւագներ։ Կրօնուսոյցները կը հաշուեն շուրջ 3 միլիոն 161 հազար։ Կրօնաւորական միաբանութիւններու թիւը կը բարձրանայ 747-ի , իսկ իգական միաբանութիւններու թիւը կը հաշուէ 207 միաբանութիւն։
Դաստիարակչական մարզին մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կը ղեկավարէ 70.544 մանկամսուրներ, 92.847 նախակրթարաններ, 43.591 ճեմարաններ։Իսկ բարեկործական մարզին մէջ կաթողիկէ եկեղեցին ունի 5.305 հիւանդանոցներ, 18.179 բուժարաններ, 547 բորոտանոցներ, 17.233 ծերանոցներ, 9.882 որբանոցներ։ Հուսկ եկեղեցական 1.103 գաւառները կապուած են ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին, անոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուին Ափրիկէ եւ Ասիա։
Կարելի է հետեւիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան բանալով հետեւեալ կայքը http://www.fides.org/fra/documents/STATISTICHE_ott_2012_FR.doc.








All the contents on this site are copyrighted ©.