2012-10-28 08:55:06

Նոր Աւետարանութեան Սիւնհոդոսը Եւ Հայ Եկեղեցին


Կիրակի 28 Հոկտեմբերին Սուբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը` Նոր Աւետարանութեան Սիւնհոդոսի մասնակցող բոլոր եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ գլխաւորեց Սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ Պատարգի Արարողութիւնը։
Նշենք, թէ Սիւնհոդոսական աշխատանքները սկիզբ առած էին կիրակի 7 հոկտեմբերին միշտ Ս Պետրոսի մէջ,Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ կատարուած Սուրբ Պատարագով։
Աշխարհի հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող սիւնհոդոսական աւելի քան 250 հայրեր միասնաբար խորհրդածեցին ՝՝Եկեղեցւոյ Առաքելութեան՝՝ հրատապ հարցերու մասին։ Սիւնհոդոսին մասնակցեցան նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալ պատուիրակութիւններ։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ներկայացուց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք - Կաթողիկոս Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹը , մինչ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը., իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխ-վարիչ Մասիս վրդ. Զօպուեանը։
Սիւնհոդոսական նիստերու առաջին շաբթուան ընթացքին, Ամենապատիւ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւս խօսք առաւ ու անդրադարցաւ ՝՝Նոր Աւետարանացման կարեւորութեան` հաւատքի փոխանցման համար՝՝ , վկայելով դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի քրիստոնեայ հաւատքի մասին: Ան նշեց, որ հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, զոր այս Սիւնհոդոսը կ՚ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն, աւելցնելով որ ՀԱՅ ժողովուրդը եւս մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ թէ անցեալին իր արեան գնով պաշտպանած է իր հաւատքը:
Երեքշաբթի 16 հոկտեմբերի յետ միջօրէին Հայր Մասիս վրդ. Զօպուեանը ժողովականներուն փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը որուն մէջ Վեհափառը կը յայտնէ թէ՝ ՝՝Վեր-Աւետարանացումը միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ չի հայիր այլ՝ անիկա համա-քրիստոնէական առաջնահերթութիւն մըն է ու համամիութենական հրամայական՝՝ ։ Վեհափառը հաստատեց թէ՝ որեւէ պարագայի մէջ, եկեղեցին չի կրնար հրաժարիլ Աստուծմէ իրեն տրուած առաքելութենէն ու մաղթանք յայտնեց որ սիւնհոդոսական հայրերը կարենան յաղթահարել աւետարանութեան մարտահրաւէրները, այս դժուար ժամանակներու մէջ, համապատասխանելով հաւատացեալներու կարիքներուն։
Նշենք ապա որ Երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին ( 2012), առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում մը ունեցաւ Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու պատուիրակութեան հետ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, Լիբանան կատարած իր բարեդէպ այցելութեան եւ Միջին Արեւելքի յատուկ Առաքելական Յորդորի ստորագրութեան ու հռչակումին համար անցեալ սեպտեմբերին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Հանդիպումին, Սրբազան Քահանայապետը իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանան կատարած այցելութեան համար, բարձր գնահատելով լիբանանցիներու եռանդն ու կորովը, հակառակ անոնց ապրած դժուար պայմաններուն, մանաւանդ վերյիշելով իր հանդիպումը երիտասարդներուն հետ Պքերքէի մէջ, յայտնելով որ երիտասարները Լիբանանի ապագան են։
Հուսկ՝ Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը իր կարգին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին եւ անոր փոխանցեց լիբանանցի ժողովուրդի մեծ սէրն ու սպասումները։









All the contents on this site are copyrighted ©.