2012-10-27 12:58:51

Հարցազրոյց՝ Ընկերային Հաղորդկացութեանց Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չէլլի-ի Հետ ։


Ընկերային Հաղորդկացութեանց դաշտէն ներս Եկեղեցին դէպի յառաջ մեծ քայլեր առաւ(կ՝ըսէ Գերապայծառ Չէլլի հարցազրոյցի ընթացքին ) եւ գիտակից է ՝՝Մետիաներու՝՝ ստեղծած նոր մշակոյթին,ու միաժամանակ անոր յարուցած մարտահրաւէրին։
Գերապայծառ Գլաուտիօ Չէլլի` մամլոյ հետ ունեցած իր ելոյթին՝Վատիկանի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին ՝՝Աւետարանութեան նոր քարոզութեան՝՝ նիւթին մասին, ըսաւ որ Աւետարանի նոր քարոզութեան մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է ՝՝Աւետարանի քարոզութիւնը ու հաւատքի վկայութիւնը ճարտարարուեստի նոր միջոցառումներով՝՝։
Ապա Գերապայծառ Չելլի ըսաւ որ ըստ խումբ մը Սիւնհոդոսական Հայրերու ներկայ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցները ՝՝բարենպաստ միջոցներ են՝՝ Աւետարանի ծաւալումին համար , իսկ այլ խումբ մը` ՝՝վերապահութիւն՝՝ ցոյց կուտայ այս ուղղութեամբ ։
Յայտնենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետները դրական դատում կու տան, քանի այդ միջոցառումները ճանաչումի ու անսահման կապերու կարելիութիւններ կը յարուցեն ։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընկերային Հաղորդկացութեանց վերջին պատգամին մէջ վերակոչեց կարեւորութիւնը ՝՝թուանշանային հովուութեան՝՝։
Հուսկ Գերապայծառ Չելլի դիտել կուտայ որ թէեւ շատերու կարծիկով Եկեղեցին տակաւին իր ժամանակէն հեռու կ'ապրի, սակային իրականութեան մէջ Եկեղեցին մեծ յառաջդիմութիւններ կը կատարէ այդ մարզէն ներս։ Բազմաթիւ են համացանցի այն կայքերը ուր անհատին կարելիութիւն կը տրուի յառաջանալու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Նոյնպէս ընկերային ցանցերը մեծ կարելիութիւն կու տան բոլորին հետ ՝՝երկխօսութիւն՝՝ հաստատելու։ Գերապայծառ Չելլին դիտել կուտայ որ արդի ընկերային հաղորդակցութիւններու մէջ կան սահմանափակումներ որոշ պետութիւններու կողմէ, սակայն մեծ շահեկանութիւն կայ հոգեւոր մեծ հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.