Հարաւային Սուտանի Մահմետականները Կը Սատարեն Վերակառուցանելու Մայրաքաղաքի Աթոռանիստ
Եկեղեցին։
Յոյսի նշոյլ մը քրիստոնեայ մահմետական խաղաղ համակեցութեան։
Տարֆուրի մահմետական
կամաւորներ յայտնած են իրենց կամեցողութիւնը սատարելու Հարաւային Սուտանի, Թորիթ քաղաքի`
ս. Պետրոս- ս.Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաշինութեան, որ
քանդուած էր Սուտանի բանակի կողմէ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ Ոչ կառավարական
միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն` Ռիչարտ Տաուտ յայտարարեց որ Թորիթի աթոռանիստ եկեղեցւոյ
վերակառուցումը քրիստոնեայ եւ մահմետական համայնքներու համար յոյսի ու խաղաղութեան խորհրդանիշ
է։