2012-10-26 13:21:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Յետ Վաւերագրական Շարժապատկերի Պատկերասփռումին ''սիկստեան մատրան 500-րդ տարդարձը'' Նիւթին Մասին։


Հինգշաբթի 25 հոկտեմբերի յետ միջօրէի ժամը 18-ին Պօղոս Զ անունան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ներկայ գտնուեցաւ ''Արուսետ ու հաւատք գեղեցկութեան ուղի'' վերտառութեամբ տեղեկատուական կինոյի մը պատկերասփռումին որ պատրաստուած է Սիքստինեան Մատրան 500րդ տարեդարձին առթիւ։ 70 վայրկեան տեւողութեամբ կինօն նկարներու ընդմէջէն կը պատմէ եկեղեցւոյ եւ արուեստի 2000 տարուայ պատմութիւնը։
Երերկոյթի աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց լեհ պատուիրակութեան եւ բոլոր անոնց որոնց նպաստին շնորհիւ ֆիլմը իրագործուեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Վատիկանի թանգարանի պատասխանատուներուն, որոնք նախաձեռնութիւններու միջոցաւ կը լուսաբանեն գեղարուեստի ու հաւատքի միջեւ կապը։ Մասնաւորապէս գնահատանքի արժանի է ներկայ վաւերագրական Կինօն քանի կը նպաստէ ''Հաւատքի Տարուայ'' ըմբռնումին ու ապրումին։ Գեղարուեստի լեզուն առարկային բարբառ մըն է, նուիրուած տիեզերականութեան։ Գեղեցկութեան ճանապարհը` ուղի մըն է կարող առաջնորդելու միտքն ու սիրտը դէպի Յաիւտենականին ու բարձրացնելու մարդը դէպի Աստուած։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. մեծապէս գնահատեցի որ Վաւերագրական շարժապատկերը ստեպ կը մատնանշէ Հռոմի պապերու տուած նպաստին գեղարուեստական ժառանգութեան պահպանումին ու անոր արժէքաւորումին ուղիով։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հուսկ խօսքը եզրափակեց մեծարելով երանելի Յոհվաննէս Պօղոս Բ.ի զգայնութիւնը գեղարուեստի ու հաւատքի երկխօսութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.