2012-10-26 13:21:40

Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը Զալքայի Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ։


Զալքայի հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանը, ուրբաթ 19 հոկտեմբերին, նշեց Թարգմանչաց տօնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Մանկապարտէզի աշակերտները հայ լեզուին մասին խմբային արտասանութիւններով եւ երգով մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան: Ապա, վարժարանիս երգչախումբը հրամցուց «Իմ մայր Լեզու» երգը:
Ներկայացուեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ունեցած տեսիլքը եւ գիրերու գիւտը նկարագրող կենդանի պատկերը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Թարգմանչաց տօնը մեր պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը կերտող դէպքերէն մէկն է: Պատմութիւն մը, որմով պէտք է հպարտանալ ու պարծենալ, որովհետեւ մեզի տուաւ գիր, գրականութիւն, մշակոյթ եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն: Սակայն այսօր որքանո՞վ հաւատարիմ ենք այս փառքին, մեր խղճի պարտքն է պահպանել մեր լեզուն, տէր կանգնիլ անոր, պայքարիլ՝ մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային վերածնունդին ի խնդիր» ըսաւ ան եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ ի՞նչ օգուտ ունի օտար լեզուներ գիտնալ եւ մայր լեզուն անգիտանալ, հայ աշակերտը մղելով դառնալ հայ գիրի զինուորը եւ հայ գիրքին բարեկամը:
«Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Մեր Լեզուն» խմբային արտասանութիւններէն ետք «Կիլիկիա» երգին նուագակցութիւնը կատարեցին դաշնամուրի վրայ Լիւսի Ղարիպեան, իսկ ջութակով՝ Գէորգ Ներսէսեան:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան եւ ըսաւ. «Մեզի համար պատիւ է եւ յոյսի աղբիւր, որ իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի առաջին ատենամարզանքը նուիրուած կ’ըլլայ Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն գիրերու սրբազան գիւտին, որ դարեր շարունակ Սփիւռքի մէջ մեզ պաշտպանեց որպէս հայ գաղութ եւ հայ ժողովուրդ, եւ այսօր մեր կարգն է պաշտպանել այդ մեսրոպեան զինուորները, առանց որոնց ոչնչացած պիտի ըլլայինք եւ պատմութեան փոշիներուն մէջ անցած»:
Տիկ. Պոյաճեան ծնողներուն պարտականութիւնը համարեց իրենց զաւակը հայ դպրոց ուղարկել եւ զանոնք մղել խանդավառութեամբ հայերէն խօսելու եւ գրելու, ոչ միայն փոքր տարիքին, այլ յարատեւ եւ միշտ եւ իր խօսքը փակեց կարեւորելով՝ հայ լեզուին սփիւռքահայերը իրար կամրջող յատկութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.