2012-10-26 13:24:27

Գաղթականներու եւ Փախստականներու 99րդ Համաշխրահային Օրուայ Պատգամի Ներկայացում։


Յառաջիկայ երկուշաբթի 29 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գաղթականներու եւ Փախստականներու 99րդ համաշխարհային օրուայ առթիւ (13 յունուար 2013) հրատարակած պատգամը որ ունի որպէս նիւթ <<Գաղթականութիւն. հաւատոյ ու յոյսի ուխտագնացութիւն>>։
Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ` գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը եւ խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Գալաթաբարամպիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.