«Նոր աւետարանացումը եւ քրիստոնեական հաւատքի փոխանցումը»
Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումը եւ անհաւատութիւնը (2) Ըստ Աարդրին, որ իրապաշտութեան
հայրը կր նկատուի, մարդը մարդ է իր ազատութեամբ, այս է անոր էութեան սահմանումը: Եւ Աստուծոյ
մը գոյութիւն ունենալը արդէն իսկ կր սահմանափակէ մարդը: Աեպենք թէ Աստուած մը ստեզծեց
մարդը, ուրեմն մարդուն գոյութիւնը յղացուած է իրմէ դուրս էակի մր կողմէ, հետեւաբար, ան
պէտք է ծառայէ այդ էակի նպատակին: Որով ան կր դադրի ազատ ըլլալէ, քանի որ իր գոյութիւնը
ուրիշի մը կր պարտի: Ուստի երկուքէն մէկը կամ Աստուած գոյութիւն ունի եւ այդ պարագային
մարդուն գոյութիւնը կախեալ է Աստուծմէ: կամ մարդը Աստուծմէ անկախ գոյութիւն ունի, այսինքն
ազատ է եւ տէր իր ճակատագրին, եւ այս պարագային Աստուծոյ գոյութիւնը կր ժխտուի: Ահռելի
երկրնտրանք մը, իրաւամբ: Կայ նաեւ դասակարգ մր անհաւատներու, որոնք ոչ թէ գիտական կամ
աստուածաբանական նկատումներէ տարուած են, այլ կրօնքի եւ եկեղեցիներու գործած կարգ մր
սխալներու հետեւանքով մոլորած, կորսնցուցած են իրենց հաւատքը: Կրօնքր աստուածային է,
բայց կրօնքի սպասաւորները մարդ են: Դարերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ բազմաթիւ եղած
են կրօնքը երկրային նպատակներու համար շահագործողները: Զարմանալի չէ որ Քրիստոնեաներ
իրենց տկար կրօնական դաստիարակութեան պատճառով՝ կրօնքր նկատեն ոչ թէ իբր Աստուածային
ճշմարտութիւններու յայտնութիւն մը, այլ իբր շարժում մը, որ մարդիկը կր շահագործէ: ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ Այս բոլոր տուեալները աչքի առջեւ ունենալով, եկեղեցին պարկեշտ մօտեցումով,
ջանացած է միշտ ցոյց տալ անաստուածութեան իսկական պատկերր, մանաւանդ վատիկանեան Բ. ժողովի
ընթացքին, առանց կանխակալ դատապարտութեան: Եկեղեցին զայն նկատած է դարուն մեծագոյն հարցերէն
մին եւ անոր մօտեցած է առարկայական մտքով, վերլուծելով անոր ծնունդին ու գոյատեւումին
խոր պատճառները: Իսկ մենք որ, ըստ եկեզեցւոյ դատողութեան, պատասխանատու ենք շատերու
հաւատքի տկարացումին, կրնա՞նք մեր դիրքորոշումը ճշդել անոնց հանդէպ: Կրնա՞նք տակաւին
ի զօրու նկատել այն դատանիշներր որոնցմով սովոր էինք դատապարտել մեր Հաւատքր չբաժնողներր:
կրնա՞նք մնալ այն համոզումով թէ անաստուածը կամ անհաւատը այն էակն է որ կր մերժէ Աստուծոյ
գոյութիւնը, որովհետեւ ան արգելք է իր սանձարձակ ապրելու տենչանքին, եւ կր վիրաւորէ իր
հպարտութիւնը կամ կր խափանէ իր ծրագիրները: Կրօնական զարգացումը ունի իր կարեւոր դերը
արդի աշխարհին մէջ: Անհաւատները շատ անգամներ զարգացած մտաւորականներ են եւ կ'օգտագործեն
գիտութեան նորագոյն տուեալները իրենց դիրքր զօրացնելու համար: Իսկ քրիստոնեան յաճախ կր
գոհանայ իր պատանեկութեան շրջանին ստացած կրօնական գիտելիքներու պաշարով, որ չի բաւարարեր
չափահաս, հասուն մարդու պահանջքները եւ կր կորսուի հակառակորդի մր առաջին հարուածներուն
տակ: Ան ինչպէս կրնայ դիմագրաւել լուրջ առարկութիւնները անհաւատի մը երբ իր անձնական
համոզումները հազիւ կրնան կանգուն մնալ: Բնութիւնը չի տարակուսիր Աստուծոյ գոյութեան
մասին: Երբ Աստուծոյ գոյութեան կամ չգոյութեան մասին կր հարցադրենք, բնութեան պատասխանը
բացայայտօրէն դրական է: Տիեզերքր զինք ստեղծողիին մասին անդադար կր վկայէ, ինչպէս որ
սաղմոսերգուն կ'ըսէ. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ»: Ամբողջ բնութեան մէջ մարդն
է որ Աստուծոյ մասին կր տարակուսի: Մարդուն պատասխանը երկու կերպարանք ունի. ոմանց մօտ
հաւատքը դժուարութեամբ կ'աճի, ուրիշներուն մօտ հեշտօրէն: Կարգ մը մարդոց հաւատքը փուշերու
մէջ կ'իյնայ, ուրիշներունը՝ ճանապարհի եզերքին, եւ անարմատ կը մնայ: