2012-10-25 11:46:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Նոր Կարդինալներու Նշանակում։


Հինգշաբթի 25 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Տէմէթրիս Քրիստոֆասը, անոր կողակիցն ու անոնց ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11.30-ին ընդունեց Թայլանտիայի եւ Գամպոճայի առաքելական դեսպան եւ Լաօսի ու Մայանմարի առաքելական պատուիրակ։
Յետ միջօրէի ժամը 18-ին Պօղոս Զ անունան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը մասնակցի <<Արուսետ ու հաւատք գեղեցկութեան ուղի>> վերտառութեամբ տեղեկատուական կինօյի մը պատկերասփռումին որ պատրաստուած է Սիքստինեան Մատրան 500րդ տարեդարձին առթիւ։ 70 վայրկեան տեւողութեամբ կինօն նկարներու ընդմէջէն կը պատմէ եկեղեցւոյ եւ արուեստի 2000 տարուայ պատմութիւնը։

Նշենք թէ երէկ` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկայ 24 նոյեմբերին Կարդինալական Համաժողով պիտի գումարէ եւ վեց նոր կարդինալներ պիտի ստեղծէ յանձինս` Գերապայծառ Ճէյմս Մայքէլ Հարվէյին, Մարոնիներու Պէշարա Պութրոս Րայի Պատրիարքին, Աւագ Արքեպիսկոպոս` Պազիլիոս Գլէմէնս Թհոդդունգալին, Նիճէրիոյ Ապուժայ թեմի Արքեպիսկոպոս Ճոն Օլորունֆէմի Օնայէքանի, Պոկոտայի Արքեպիսկոպոս Րուպէն Սալազար Կոմէզի եւ գերապայծառ Անդոնիօ Դակլի։
Վերոյիշեալ յայտարարութեամբ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ կարդինալական դասի պարտականութիւնն է օգնել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին լաւագոյնս կատարելու իր առաքելութիւնը որ է հաստատել եղբայրակիցները իրենց հաւատքին մէջ եւ ըլլալ եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ միութեան սկիզբն ու խարիսխը։
Սրբազան Հայրը հուսկ ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն նոր կարդինալներուն համար յայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնք կարենան քաջութեամբ ու նուիրումով սիրել Քրիստոսը ու անոր եկեղեցին։
Վերոյիշեալ յայտարարութեամբ կարդինալական դասը այսօր կը հաշուէ հինգ ցամաքամասերէ 211 կարդինալներ որոնցմէ 120-ը ընտրող կարդինալ եւ 91-ը ոչ ընտրող։ Եւրոպական ցամաքամասը ունի 117 կարդինալներ, Ամերկեան` 52, Ափրիկեանը` 18­ Ասիան` 20 եւ Ոկեանեան 4։Կարդինալական Դասի Գահերեձն է Կարդինալ Անճէլօ Սոտանոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.