Նոր Աւետարանութիւն Նիւթով Սիւնհոդոսի Մասին Մամլոյ Ասուլիս
Ուրաբթ 26 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 12.45 անց, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան
սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար <<նոր աւետարանութիւնը
ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի>> նիւթով վատիկանի մէջ գումարուած (7-28 հոկտեմբեր) òպիսկոպոսական
ԺԳ սիւնհոդոսի աւարտական պատգամը։ Իսկ Շաբաթ 27 հոկտեմբերին նախատեսուած է սիւնհոդոսի
եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսը որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 12.45-ին միշտ Վատիկանի մամլոյ
գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ եւ որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Կարդինալ Տոնալտ
Ուիլլիամ Վերլը, սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն, գերապայծառ Բիէր Մարի Գարրէն` սիւնոհոդսի
յատուկ քարտուպարը եւ գերապայծառ Ժոզէֆ Միքալիք` Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի
նախագահ։