2012-10-25 12:09:51

Յոյն Օրթոտոքս Քահանայ՝ Հ. ֆատի Ժամիլ Հատտատ Uպաննուած։


Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը վերջերս, քրիստոնեաներու դէմ, շարք մը առեւանգումներ կատարած են, երկրի զանազան վայրերու մէջ։
Այս քստմնելի արարքներուն զոհ գացած է, յոյն օրթոտոքս քահանայ մը՝ Հայր ֆատի Ժամիլ Հատատը, Քաթանայի ՜՜Ս. Եղիա՝՝ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, (Դամասկոս)։
Առեւանգողները եկեղեցիէն ու վարդապետին ընտանեկան պարագաներէն պահանջած էին 50 միլիոն սուրիական լիրա, (աւելի քան կէս միլիոն եւրօ ). սակայն այսօր՝ 25 հոկտեմբերին, քահանային անշնչացած մարմինը գտնուած է, ժարմանա թաղամասը (ոչ շատ հեռու արեւանգումի վայրէն)։ Քահանային մարմնի վրայի հետքերէն ի յայտ կու գայ անոր ահաւոր տանջանքներուն ենթարկուած ըլլալը. հանգուցեալ քահանային եղբայրակիցը ՜՜ֆիտէս՝՝ լրատու գործակալութեան, յուզումնալից աչքերով՝ արտայայտուած էր ըսելով, ՜՜Զուտ ահաբեկչական արարք մըն է ասիկա. Հայր Հատտատ նահատակ է մեր եկեղեցւոյ՝՝ ։
Դէտերու գնահատումով քրիստոնեաներու դէմ արեւանգումներու նոր շարքը կը միտի ճնշումներ բանեցնել Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու վրայ։
Յայտնենք որ յոյն օրթոտոքս եկեղեցին Սուրիոյ ամենամեծ համայնքն է։ Անիկա կը հաշուէ շուրջ կէս միլիոն հաւատացեալ որ բնակութիւն հաստատած են առաւելաբար երկրին արեւմուտքը եւ Դամասկոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.