2012-10-25 12:41:05

Հայ Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Վերաբացում՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Մէջ։


Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ վերաբացումը Հայ կիներու հոգեւոր լսարանի 13-րդ տարեշրջանին: Լսարանին բացման ներկայ էին շուրջ հարիւր կիներ եւ օրիորդներ: Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած սոյն լսարանը, այս տարուան համար նկատի ունեցած է` ՜՜աստուածաշնչական, քրիստոնէական, եկեղեցագիտական եւ բարոյագիտական բնոյթ ունեցող՝՝ նիւթեր: Հոգեւոր խորհրդածութիւնները պիտի ներկայացուին միաբան հայրերու կողմէ: Լսարանի ընթացքին խորհրդածութիւններու կողքին պիտի կատարուի նաեւ սաղմոսերգութիւն, աղօթասացութիւն եւ շարականի ուսուցում` առաջնորդութեամբ լսարանի պատասխանատու հայր սուրբերուն: Յայտնենք, որ ամէն տարի կաթողիկոսարանին կողմէ կը կազմակերպուին կիներու յատուկ հոգեւոր լսարաններ, որոնք կը տեւեն ութ ամիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.