2012-10-25 12:37:13

Լիբանանի Նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանի Շնորհաւորութիւնը Ռայի Պատրիարքի Կարտինալ անուանումը։


Մարոնի համայնքի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդը՝ Սամիր եպ.Մազլում յայտնեց, որ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը կարդինալ նշանակուած է:
Մազլում եպիսկոպոսը բացատրեց, որ 1954-էն ի վեր Վատիկանը որդեգրած է սովորութիւնը ՜՜պատրիարքին տալու կարտինալի աստիճան՝՝ որպէսզի պատրիարքները դառնան պապին ուղղակի օժանդակողները:
Լիբանանի նախագահ՝ զօր. Միշել Սլէյման, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զինք յայտնելով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները:
Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարարը՝ Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին, խիստ կարիքն ունի Ռայի պատրիարքին նման անձերուն` ամրապնդելու համար երկրին ազգային միասնականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.