2012-10-25 12:24:41

Լաոսի Մէջ Քրիստոնեաները Հրաւիրուած Են Իրենց Կրօնքը Ուռանալու Եւ Հոգեպաշտ Դառնալու։


Լաոսի շարք մը վայրերու մէջ քաղաքացիական իշխանութիւններու պարտադրանքով հրաւիրուած են հոգեպաշտ արարողութիւններու մասնակցիլ եւ ընդդիմութեան պարագային ոստիկանութիւնը կը սպառնայ անոնց տուները քանդել, կր տեղեկագրէ ֆիտես գործակալութիւնը, յայտնելով որ քրիստոնեայ հաւատացեալներու մերժումի պարագային անոնք կանչուած են իրենց վայրերէն հեռանալու եւ այլուր հաստատուելու։
Ալովմա գիւղին մէջ երեք հոգեւորականներ կալանուած են դարձեր կատարելու ամբաստանութեամբ։
Յայտնենք որ Լաոսը աշխարհի ամենավերջին համայնավար երկիրներէն մէկն է, քրիստոնեաները կը ներկայացնեն 2,9 տոկոսը 6,5 միլիոն բնակչութեան վրայ, 2 տոկոսը բողոքական համայնքի կը պատկանին իսկ 0,9 կաթողիկէ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.