2012-10-24 12:22:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Յայտարարէ Նոր Կարդինալներու Նշանակումը։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց վեց նոր Կարդինալներու ստեղծումը յանձինս Գերապայծառ Ճէյմս Մայքէլ Հարվէյին, Քահանայապետական տան կառավարիչ, Մարոնիներու Պէշարա Պութրոս Րայի Պատրիարքին, Հնդկաստանի Թրիվանտրում թեմի Աւագ Արքեպիսկոպոս` Պազիլիոս Գլէմէնս Թհոդդունգալին, Նիճէրիոյ Ապուժայ թեմի Արքեպիսկոպոս Ճոն Օլորունֆէմի Օնայէքանի, Պոկոտայի Արքեպիսկոպոս Րուպէն Սալազար Կոմէզի եւ գերապայծառ Անդոնիօ Դակլի` Մանիլայի արքեպիսկոպոս։
Այս յայտարարելով Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ կարդինալական դասի պարտականութիւնն է օգնել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին լաւագոյնս կատարելու իր առաքելութիւնը հաստատելու իր եղբայրակիցները իրենց հաւատքին մէջ եւ ըլլալու եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ միութեան սկիզբն ու խարիսխը։
Սրբազան Հայրը հուսկ ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն նոր կարդինալներուն համար յայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնք կարենան քաջութեամբ ու նուիրումով սիրել Քրիստոսը ու անոր եկեղեցին։Նշենք որ Կարդինալական աստիճանի տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 նոյեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.