2012-10-24 12:34:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 24 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Հաւատոյ Տարուայ առթիւ ընտրած Հաւատքի նիւթին մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան հայրը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կ' ուզեմ խօսիլ ժամանակակից քրիստոնեայ հաւատքի մասին մի քանի հարցումներէն մեկնելով։ Ի՞նչ է հաւատքը։ Իմաստ ուն՞ի հաւատալ աշխարհի մը մէջ ուր արուսետագիտութիւնը եւ գիտութիւնը նոր հորիզոններ բացած են մեր առջեւ եւ Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատալ այսօր։
Այս հարցադրանքներու ի տես Սրբազան Հայրը ըսաւ <<Հաւատքը անվերապահ նուիրում մըն է Աստուծոյ, մեր Հօր, որ մեզ կը սիրէ եւ մեզմէ ամէն մէկուն մօտիկ է, իր մարմնացած որդւոյն միջոցաւ։ Այս նուիրումը Աստուծոյ որոշակի ճշմարտութիւններուն պարզ մտային ընկալում մը չէ այլ ան կը ներկայացնէ արուետագիտութենէն եւ գիտութենէն տարբեր` անտարակուսելի հաւաստիք մը։
Հաւատալ կը նշանակէ հանդիպիլ Աստուծոյ ու անոր յանձնուիլ մանուկի մը նման։Ամէնէն առաջ հաւատքը գերբնական պարգեւ մըն է։ Կարողութիւն չունինք առանձին հաւատալու, առանց Սուրբ Հոգիի եւ միւս մկրտեալներուն օգնութեան։
Հաւատքը մարդկային խոր ու ազատ ձգտում մըն է որ կ՛իրակաանանայ ազատութեամբ եւ իմացականութեամբ։ Հաւատքի մէջ Աստուած մեզի կը յայտնէ իսկական ճշմարտութեան, մարդկային իքնութեան, իրական երջանկութեան եւ սրտի խաղաղութեան ճշմարիտ ուղին։
Հաւատքը <<Ակտ>> մըն է, <<գործ>> մըն է, որուն միջոցաւ մեր միտքն ու սիրտը <<այո>> կ՛ըսեն Աստուծոյ ։ Եւ այս <<Այոն>> կ՛այլափոխէ կեանքը, անոր կու տայ լիութիւն եւ վերանորոգումի իմաստ։
Սիրելի Բարեկամեր - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - թոյլ տանք որ Քրիստոս ներգործէ մեր մէջ։ Աճեցնենք մեր հաւատքը սուրբ գրային ընթերցումներու եւ սուրբ խորհուրդներու միջոցաւ։ Ըլլանք անձնական կեանքի փորձառութիւնը պատմող` Սուր Հոգիով նորոգուած բաց գիրգեր։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով.
Անցեալ երկուշաբթի օր տօնեցինք երանելի ՅՊԲ-ի յիշատակը որուն օրինակը միշտ կենսունակ է մեր մէջ։
Սիրելի երիտասարդներ սորվեցէք անոր եռանդով ու խանդավարութեամբ ապրիլ ձեր կեանքը. Սիրելի հիւանդներ ուրախութեամբ կրեցէք չաչարանքի խաչը այնպէս ինչպէս մեզի սորվեցուց ան. եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ Աստուած ընտրեցէք միշտ որպէս կեդրոն, որպէսզի ձեր ընտանեկան պատմութիւնը աճի սիրով եւ երջանկութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.