2012-10-24 11:43:26

Լիբանանեան Բանակը Իր Հակակշիռին Տակ Կ՛առնէ Կացութիւնը Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ ։ Եւրոմիութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Լիբանանի Մէջ։


Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք, Լիբանանի մէջ Կիրակի օր բռնկած զինեալ բախումները, որոնք ժամանակաւորապէս հանդարտած էին Երկուշաբթի օր, Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ի առաւօտեան վերսկսան Թրիփոլիի մէջ, ուր բանակը դարձեալ պարտադրուեցաւ միջամտել՝ կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու համար: Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ չորս զոհեր եւս արձանագրուած են Թրիփոլիի մէջ՝ այդտեղ սպաննուածներուն թիւը 10ի հասցնելով:

Միւս կողմէ՝ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ բանակը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ երկիրի ապահովութիւնը խախտողներուն: Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն զգոյշ ըլլալու իրենց կատարած յայտարարութիւններուն եւ կեցուածքներուն մէջ ու գրգռութիւններ չհրահրելու, որովհետեւ այդ յայտարարութիւնները կրնան սպառնալ Լիբանանի ճակատագիրին:
Քաղաքական գետնի վրայ, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, որ Հասանի սպանութեան պատասխանատուն կը նկատէ Լիբանանի կառավարութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, Սինիորա յայտարարեց, թէ ընդդիմադիր «Մուսթաքպալ» պլոքը որոշած է ազգային երկխօսութեան ոչ մէկ նիստի մասնակցիլ:
ՆախագահՍլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Երեքշաբթի օրը հանդիպումներ ունեցան նաեւ Եւրոմիութեան Արտաքին Քաղաքականութեան բարձրագոյն Յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ, որմէ ետք Էշթըն կոչ ըրաւ ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ Լիբանանի կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պահպանելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.