2012-10-24 11:54:40

«Օգնի՛ր Եղբօրդ». Նոր Հանգրուան /Մամուլի Հաղորդագրութիւն.


Սուրիահայ համայնքի աջակցութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ, հոկտեմբեր 15-ին Սուրիա գնաց մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը` 14 թոն պարէն: Այսօր «Սուրիական Օդանաւերու » Երեւան- Հալէպ թռիչքով Սուրիա կը փոխադրուի երկրորդ փուլի մարդասիրական բեռը: Ըստ նախնական ծրագրի, կ՛որդեգրուի մարդասիրական բեռը փոխադրելու այս ճանապարհը: «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան շրջանակներու մօտ մինչեւ օրս կուտակուած է 45 թոն պարենամթերք:
Տասնեակ համաքաղաքացիներ, հայրենի մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ կը շարունակեն արձագանգել սուրիահայ համայնքին նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու Աջակցութեան կոչին:
Նախաձեռնութեան կը միանան նորանոր կազմակերպութիւններ` «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը` փոխանցելով 3 միլիոն դրամ, «Տինօ կոլտ մայնինկ» ընկերութիւնը` 1 միլիոն դրամ, «Աւեստա» ընկերութիւնը` 100,000 դրամ, Պռոշեանի գինիի եւ քոնեաքի գործարանը` 3000 տուփ բանջարեղէնային պահածոյ: Դրամական փոխանցումներ եղած են նաեւ շարք մը մտաւորականներու` դերասաններ Ազատ Գասպարեանի, Անդրանիկ Յարութիւնեանի, նկարիչ Յաղթանակ Շահումեանի, ֆրանսահայ գրող Մովսէս Փչաքճեանի կողմէ:
Յիշեցնենք, որ մինչ այս նախաձեռնութեանն միացած էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գիւղի եւ Գիւղաջակցութեան հիմնադրամը, «Ալեքս Կրիկ», «Արտֆուտ», «Աշտարակ կաթ», «Մարիաննա», «Սաս կրուփ», «Կրանտ հոլտինկ», «Միք մեթալ», «Փրոթոն», «Իզոթոփ Տելթա», «Հայռուսգազարդ», «Արմսուիսպանք», «Հարուալ Մաշինարի» ընկերութիւնները, «Նուշիկեան Ընկերակցութիւնը », «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը, Երեւանի 19-րդ բազմաբուժարանը , Սեբաստիա բժշկական կեդրոնները, «Էլեն-Նարէ» ծննդօգնութեան կեդրոնի աշխատակիցները, Ազգային ժողովի Հանրապետական, Օրինաց երկիր եւ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները:
«Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան շրջանակներէ ներս կը շարունակուի նաեւ Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կապի ծառայութեան ցանցի «Էս. Էմ. Էս.» նուիրատուութեան գործողութիւնը, որու մեկնարկէն դեռ մէկ շաբաթ անցած է , բայց արդէն շուրջ 6300 բաժանորդ մասնակցած է իր ազգային տուրքին:
Այժմ նախաձեռնութեան կողմէ կ՝իրականացուին նաեւ աշխատանքներ Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ: Յառաջիկայ օրերուն պարէնային աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հայաստան հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն :
«Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր անհատներուն , գործարարներուն , քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն , որոնք իրենց շատ կարեւոր ներդրումը կը բերեն հակամարտութեան հետեւանք անդառնալի կորուստներ կրող սուրիական համայնքին:
«ՕԳՆԻ՛Ր ԵՂԲՕՐԴ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ԽՈՒՄԲ








All the contents on this site are copyrighted ©.