24 - 28 հոկտեմբեր կը նշուի Հարաւային Ամերիկայի Բէրուի` Գուսգօ Արքեպիսկոպոսական թեմի
հիմնդարութեան 475րդ ամեակը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Գուիթօ Թեմի երբեմնի
արեքպիսկոպոս Կարդինալ Էտուարտօ Վէլա Գիրիբոկան անուանած է որպէս իր յատուկ նուիրակը
գլխաւորելու վերոյիշեալ յոբելիանի արարողութիւնները։ Միեւնոյն օրերուն տեղի կ՛ունենայ
նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան Մարեմական Միջազգային Համագումարը։ Նշենք որ Գուսգօյի թեմը եղած
է Հարաւային ամերիկայի մէջ հաստատուած առաջին թեմը։