2012-10-23 12:35:11

Նախագահ Սարգսեան Կը Ցաւակցի Լիբանանի Նախագահ Զօրավար Միշել Սլէյմանին։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին` Պէյրութի մէջ 19 հոկտեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:
Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ձերդ գերազանցութիւն,
«Խոր ցաւով եւ ցասումով տեղեկացանք 19 հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած անմարդկային եւ սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութեան մասին, որուն պատճառով զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան տասնեակ մը անմեղ քաղաքացիներ:
«Այս տխուր առիթով Հայաստանի ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունովս խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ յարատեւ խաղաղութիւն:
«Ընդունեցէք խնդրեմ, ձերդ գերազանցութիւն, անգամ մը եւս, մեր անկեղծ վշտակցութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.