2012-10-23 14:27:51

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Նոր Աւետարանութիւն եւ Սրբութիւն։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը շաբթուայ խմբագրականը նուիրեց Վատիկանի մէջ գումարուած Նոր Աւետարանութեան նիւթով եպիսկոպոսկան սիւնհոդին ու Հաւատոյ Տարուայ առթիւ,21 հոկտեմբերին տեղի ունեցած, 7 երանելիներու սրբադասման արարողութեան որ <<կը յայտնուի որպէս ուրախութեան ուժեղ լոյս մը>>։

7 երանելիներ - կը գրէ հայր Լոմպարտին- որ կը հռչակուին սրբութեան տիպարներ համայն եկեղեցւոյ համար։ Քահանաներ, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ, աշխարհականներ որոնք ապրած են եւրոպայի, ասիոյ, ամերիկայի եւ ովկեանեան ցամաքամասերու մէջ։

Յիսուսեսն Միսիոնար մը որ նահատակուեցաւ Մատակասկարի մէջ. Դժուարութեան մէջ ապրող երիտասարդներու դաստիարակ քահանան. Տասնեակ տարիներոով իր անկողինին մէջ ապրած հիւանդը որ չարչարանքի հոգեւոր առաքելութիւնը ապրեցաւ։ Փիլիպպինցի երիտասարդ Քրիստոնէականի դասատու մարտիրոսը, կրօնաւորուհին որ կեանքը նուիրեց բորոտները դարմանումին եւ մանուկներու, երիտասարդներու եւ աշխատաւորներու դաստիարակութեան նուիրուած միւս կրօնաւորուհին. Ապա խումբին ծաղիկը` հնդիկ աշխրահական երիտասարդուհի Գաթէրինա Թէքավիթհա, առաջին հնդիկ սրբուհին։

Սուրբերը միշտ եղած են քրիստոնեայ հաւատքի հաւատալի վկաները ու վկաներ նաեւ Յարուցեալ Յիսուսի Հոգիի կենսունակ եւ գործոն ներկայութեան ու նաեւ` մարդկութեան այլափոխումին, աւետարանի խորհրդաւոր ուժի միջոցաւ։

Առանց սուրբերուն եկեղեցին չի կրնար ապրիլ եւ ոչ ալ կրնայ աւետարանը տարածել աշխարհի մը մէջ որ այսօր դժուարութեամբ զայն կ՛ընդունի։ Աշխարհի մը մէջ ու սակայն կարօտ ունի վերագտնելու ձրիաբար տրուած սէր` երջանկութիւնն ու յոյս։
Նոր աւետարանցումը կը սկսի մեր ժամանակակից սուբերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.