2012-10-23 12:47:09

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի Յուղարկաւորութիւնը


Անցեալ 12 հոկտեմբերին իր մահկանացուն կնքեց 93 տարեկանին յետ երկարատեւ հիւանդութեան Երուսաղէմի հայոց պատրիարք՝ Թորգոմ արք. Մանուկեան (լուրին անդրադարձանք մեր նախորդ ձայնասփռումներուն)։
Հանգուցեալ պատրիարքին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 22 հոկտեմբերին. հայածէս Ս. Պատարագի ընթացքին։
Ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան
անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ աշխարհի զանազան կողմերէն. Ամերիկաներէն, Գանատայէն, Եւրոպայէն Միջին Արեւելքէն եւայլն...Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քելեկեան։ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը ներկայացնէր Նաւասարդ արք. Կճոյեան որ կարդաց Վեհափառին ուղերձը. իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ներկայացուցիչը Վարուժան եպ. Հերկելեան կարդաց Արամ Ա. վեհափառին գիրը։
Յուղարկաւորութեան ներկայ էր նաեւ՝ Արամ եպ. Աթէշեան՝ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդը, (անշուշտ) նաեւ՝ Արէն Սրբզ. Շիրվանեան որ այժմ տեղապահն էհ Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռին։
Այս առթիւ (ըստ հայկական ծիսական աւանդութեան) տեղի ունեցաւ հանգուցեալ պատրիարքին ճակատին եւ աջ բթամատին օծումը. որմէ ետք ալ մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան յուղարկաւորութեան մինչեւ գերեզմանատուն ուր ողբացեալ պատրիարքին մարմինը հողին յանձնուեցաւ։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը որուն ընթացքին խօսք առին. պատրիարքին եղբայրը որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք մօտ մնացին պատրիարքին իր հիւանդութեան ժամանակ, յատկապէս ֆրանչիսքեան հայրերուն որոնց մօտ (հիւանդանոցին մէջ) խնամուեցաւ ան, իր կարգին ֆրանչիսքեան հայրերու մեծաւորը, արտայայտելէ ետք իր եղբայրական զգացումները ողբացեալին հանդէպ, վեր առաւ անոր արժանիքները...








All the contents on this site are copyrighted ©.